пятница, 23 апреля 2010 г.

ԴԵՊԻ ԵՐԿԻՐ


Ծ.Խ. Սոյն յօդուածը տպուած է Փարիզ լոյս տեսած Հևչակեան Կուսակցութեան օրկաններէն «Արձագանգ Փարիզ»-ի 27 Ապրիլի 1924-ի թիւին մէջ։
Ընկեր Սարգիս Տխրունիի սոյն գրութիւնը ի յայտ կը բերէ իրա՛ւ ղեկավարի, նախատեսող գաղափարախօսի գրիչը, այն օրերուն, երբ կասկածը տակաւին չէր փարատած հայրենիքի հրականութեան նկատմամբ՝ այսօրուան հայրենասէր շարք մը կազմակերպութիւններուն քաղաքական մտքի առաջնորդներուն մօտ։
Ներգաղթի մասին ընկեր Սարգիս Տխրունիին տեսակէտները, այսօր ալ կը պահեն իրենց զարմանալի ըսուելու չափ այժմէականութիւնը։
Հասարակական  տրամադրութեանց լեռնակուտակ մակընթացութեան օրերուն Էր։
Որպէս թէ, բիրտ ուժը ծունկի բերելու եւ իրաւունքի ՚տագաւորութիւնը հաստատելու համար
ռազմադաշտ իջնող արեւմտեան բաևակևերու յաղթանակին մէջ տիեզերական խաղաղութեան եւ եղբայրութեան գրաւականները տեսնող փոքր ազգերը խրախճանքի մէջ էին։ Անոնց շարքին, փորձառական տեսակէտով շատ փոքրիկ հայ ժողովուրդը, տոգորուած անսահման լաւատեսութեամբ, կը կարծէր հասած ըլլալ պատմական այնպիսի հոյակապ հանգրուանի մը, ուր արեւելեան բռևապետութեան ջախջախուած գանկերուն վրայ հրաշափառօրէև պիտի բարձրանայ Միացեալ, Անկախ Հայաստանի հսկայկոթողը, որպէս հայ ցեղի յաւիտենական անմահութեան թանձրացեալ խորհրդանշանը, եւ Արեւելքի  Մարտիրոսը այսուհետեւ  քաղաքատնտեսական  լիակատար ազատութեամբ պիտի ապրէր արեւին տակ։
Սեւ Ծովէն մինչեւ Միջերկրական, Արարատէն մինչեւ Տարսոն հարիւր հազարաւոր քառակուսի քիլոմեթր տարածութիւն ընդգրկող աշխարհի մը վրայ, շնորհիւ արեւմտեան դիւանագիտութեան հայասիրական օժանդակութեան։
Յետագայ կեանքը եկաւ եւ դառն փորձերով  ապացուցեց  վերապրող հայութեան
պատրանքներու ենթարկուած ըլլալը, նման այն ճամբորդներուն, որոնք իրենց անապատային ուղեգնացութեան ընթացքին քաղցի եւ ծարաւի տանջող ազդեցութեան տակ, արեւի տօթակէզ ճառագայթևերէև խորշակահար պահ մը իրենց տեսողութեան հորիզոնին մէջ անգիտակցաբար կը պտտցնեն հեռաւոր ովասիսի մը կրկևերեւոյթը...։ Արեւմուտքը տանջուող զանգուածներուն հաշիշ էր հրամցուցած եւ վերջինները անոր շոգիով ստեղծուած զգլխիչ մթնոլորտին մէջ արբշիռ՝ փորձուած էին իրենց բազմադարեան տառապանքը մոռնալու եւ զիրենք երանաւէտ ոլորտներու մէջ փոխադրելու։Ի՛նչ միամտութիւն։ Կարծես Արտաշէս աշխարհակալը եւ կամ Արքայից Արքայ Մեծն Տիգրանը պիտի յառնէր դարերու փոշիներու տակէն արեւմտեան կախարդներու ոգեկոչումով, եւ ահա պիտի հաստատուէր անոնց հսկայ կայսրութիւնը, իր մէջ ամփոփելով ազգային հինգ հարստութիւևևերը։Այս կայսերապաշտական երազները բախեցան, իրականութեան ժայռին ու փշրուեցան յեղակարծօրէն։Միացեալ, ամբողջական Հայաստանի երազը խորտակուած էր։ Ձեռք առնուեցաւ Կիլիկիոյ մէջ Ռուբէնի Տունը վերահաստատելու ծրագիրը, որ առաջինին բախտակից եղաւ ֆրաևքօ-թուրք սակարկութեան բերումով։Արեւելեան նահանգներու շրջանին մէջ Արեւմուտքի, նոյնիսկ Ազգայնական Թուրքիոյ հովանիին տակ Ազգային Օճախ մը հիմնել եւ կամ Խորհրդային Սոցիալիստական Հայաստանի դէմ հակադրել կիսապուրժուակաև Հայաստան մը։ Այս վերջին քաղաքականութիւնը, որ իրեն զօրավիգ ունէր աջակողմեան եւ ձախակողմեան պահպանողականները, չէր կրնար ամլութեան չդատապարտուիլ նման նախորդներուն, երբ «հայասէր» դաշնակիցները հիւանդ մարդը վերակազդուրելու նա խանձա խնդրութեամբ՝ Լոզաևի դաշնագրի հիման վրայ խաղաղութիւն կը կնքէին Թուրքիոյ հետ։Ու եղաւ ինչ որ անխուսափելի էր։ Հայկական Հարցը գերեզմանուեցաւ այդ հարցը շահագործման առարկայ դարձնող պետութեանց կողմէ։
Ասոնք արեւմտեան օրիէնտիացիայի բարիքներէն էին, բայց այդ քաղաքական ուղղութեան զոհ չգնաց միայն Թրքահայաստանը, այլե՛ւ Ռուսահայաստանի կէսը։ Չուշացաւ Կարսի պարտութիւնը, այս առթիւ ծովերու թագուհին չկրցաւ օգնութեան հասնիլ, քանի որ իր մարտանաւերը չէին կրնար բարձրանալ Արարատի կատարներուն վրայ։ Նոյեան շրջանի ջրհեղեղի նման քսաներորդ դարուն արիւևահեղեղ մը պէտք էր աշխարհը ողողեր, որպեսզի Ալպիոնի տապանը կարենար Արարատի վրայ ելլել...։ Ասպետական Ֆրանսաև ալ Քեազիմ Գարապէքիրի հորդաներուն ասպատակութիւնը կասեցնելու
ուղղութեամբ տրամադրութիւն ցոյց չտուաւ, հակառակ եղած խնդրանքներուն, որովհետեւ 
ան ալ նման Գերմանիոյ՝ փափաքող չէր իր զինուորին մէկ ոսկորին հետ փոխելու ամբողջ
Հայաստանը։ Ռուսիան էր որ շարժման մէջ դրաւ Կարմիր Բանակի սուինները, եւ հարաւի հորդաները, ահաբեկ այդ յեղափոխական զօրաշարժէն, դադրեցուցին   ներխուժումը։ 
 
    
Հայ    աշխատաւորութեան ձեռքին մէջ մնաց այդ թոհուբոհէն յետոյ երեսուն հազար քիլոմեթր տարածութեամբ հողամաս մը։
Ահա՛ այդ հողամասն է, որ բանուորագիւղացիակաև վարչաձեւով ձեզ կը ներկայանայ որպէս միակ մխիթարական երեւոյթը հայ իրականութեան մէջ։ Բացի Խորհրդային Հայաստանէն, չուևիևք այս երկնքի տակ ոչ մէկ անկիւն, որ կարենայ մերը կոչուիլ։ Ուրեմն պինդօրէն պիտի փարինք անոր։ Հոն է մեր յոյսին յենակէտը, հոն է մեր պատմական հայրենիքին կորիզը։
Այս պահուս, կը գտնուին հասարակական որոշ խաւեր, որոնք առ երես հաշտուած ըլլալով
հանդերձ Հայաստանի իրականութեան հետ, արտասահմանի մէջ «ձեռքի տակէն» կը
քաջալերեն արեւմտահայ գաղթականութեան Հայաստանէն  դուրս  տեղաւորումը
վերջնականապէս, թրքական վտանգի մը, թրքօ– ռուս պատերազմի մը հաւանականութեանց սարսափեցուցիչ հեռանկարը պտըտցնելով վերջինին աչքերուև առջեւ։Նոյևիսկ ռամկավար «Արեւ»-ը, որ հայրենիքի վերաշիևութեան ջերմօրէն կուսակից ցոյց կու տայ ինքզնիք եւ Հայաստանը կը հռչակէ ընդհանուր հայութեան հայրենիքը, մերթընդմերթ ջատագով կը հանդիսանայ գաղթականներու եւ որբերու ներագաղթին, Խորհրդային Սոցիալիստ Հաևրապետութեաևց Միութեան ճանաչման առթիւ կը թելադրէ արտասահմանի հայութեան այդ Միութեան   եւ  կամ  Հայաստանի  քաղաքացի արձանագրուելու հետամուտ չըլլալ, եւ իր տեսակէտը հասկնալի դարձնելու համար օրինակ կը բերէ Գերմանիան, որ մայր երկրէն դուրս գերման ստուարաթիւ գաղութներ ունի, որոնք այնքան սիրով փարած են իրենց բուն հայրենիքին, որքան իրենց բնակած երկիրներու պետութեանց։
Պարզ է, թէ ռամկավարներու, դաշնակցականներու, կղերականներու եւ կիսապուրժուական խաւերու դասակարգային շահին ձեռնտու չէ հայկական արտասահմանի պարպումը։
Հայ գաղթականութիւնը, սակայն, պէտք չէ այս մտայնութեան խաբէութեան զոհ ըլլայ կրկին, դառնութեան նոր բաժակներ չըմպելու համար։
Պէտք է լսել ընկ. Ալեքսանտր Միասնիկեանը, որ ամենայն պատասխանատուութեամբ եւ վստահութեամբ կը պնդէ, թէ թրքական վտանգ գոյութիւն չունի։
Պէտք է լսել հայրենիքի կոչը, որ իր սահմաններէն դուրս գտնուող զաւակները կը հրաւիրէ դէպի երկի՜ր, լծուելու համար վերաշինութեան սրբազան գործին։
Դէպի՛ Երկի՛ր, դէպի՛ երկիր, հայեր։
Գաղութներու մէջ տեղ-տուն ըլլալու ուղղութեամբ թափուած զոհողութիւնները ձեռնտու չեն կրնար ըլլալ ազգային վերաշինութեան։
Մեր տաղաւարները պէտք է հաստատել Արարատեան դաշտին մէջ, հո՛ն, հոն, Մասիսի ստորոտը, ուր մեր անկախութեան վարդակարմիր խորհրդանշանը կը փողփողայ յաղթականօրէն, ուր հայ աշխատաւորութիւնը կ՚երկնէ Հայաստանի վերածնունդը։
Ձեր ոյժն ու կորովը օտար հորիզոններու տակ յումպէտս մի վատնէք։
Դէպի՛ երկի՛ր, դէպի՛ երկի՛ր։
Ահա օրուան կարգախօսը։
Ահա Մայր Հայաստանի կոչը։

ՍԱՐԳԻՍ ՏԽՐՈՒՆԻ. Պէյրութ, 1924

Комментариев нет:

Отправить комментарий

Примечание. Отправлять комментарии могут только участники этого блога.