
(ՍԱՐԳԻՍ ՏԽՐՈՒՆԻԻ ՆԱՀԱՏԱԿՈՒԹԵԱՆ 80-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ)
Ոաթսուն տարիներ մեզ կը բաժնեն այն դժխեմ թուականէն, երբ դադրեցաւ բաբախելէ սիրտը Հնչակեան աննկուն առաջնորդ, տաղանդաւոր հրապարակագիր եւ նշանաւոր բեմբասաց ընկեր Սարդիս Տխրունիին։
Շատ կարճ եղաւ ընկեր Սարդիս Տխրունիին կեանքը։ Ընդամէնը 31 տարի։ Սակայն, ընդհակառակը, անոր ապրած քիչ տարիները եղան բեղմնաւոր, յիշատակութեան արժանի մեծագոր– ծութիւններով լեցուն, ներկայ ու գալիք սերունդներուն համար օրինակելի։
Դաւադիր, եղբայրասպան գնդակը չթոյլատրեց, որ Հնչակեան Կուսակցութեան ու հայ ժողովուրդի այս հարազատ զաւակը կարենայ երկար ծառայել իր գաղափարին ու հայրենիքին։ Ան ինկաւ իր տաղանդին ծաղ-կման գարունին մէջ, համակ եռանդ ու նուիրում։
Ութ տասնեակ տարիներ մեզ կը բաժնեն գաղափարի ու հայրենասիրութեան Սեծ Առաքեալէն։ Այսուհանդերձ,ընկեր ՍարգիսՏխրունին կը շարունակէ ապրիլ իր գաղափարի ընկերներուն, իր հետեւորդներուն ու ժողովուրդին մէջ՝ իբրեւ գործնական ու անշահախնդիր հայրենասիրութեան, անտեղիտալի գաղափարա– սիրութեաև եւ անբեկանելի կամքի մարմնացում : Ընկեր Տխրունի ապրեցաւ սփիւռքահայութեան համար մեծ իրադարձութիւնևերով լեցուն շրջանի մը մէջ։ Պատմական այդ տարիներուն, երբ, ջարդերէն մազապուրծ փրկուած մեր ժողովուրդին մասնիկները, շուար ու անհեռանկար, յուսադրուելու եւ կողոմնորոշուելու պէտք ունէին։ Ու մինչդեռ Դաշնակցութիւնն ու տարբեր կուսակցու– թիւնները, Տէր Զօրի Սնացորդացին առջեւ կը բանային անարիւն նոր Տէր Ձօրի մը ուղին, Հնչակեան պայծառատես ղեկավարը կը պատգամէր.
«Սեր տաղաւարները պէտք է հաստատել Արարատեան Դաշտին մէջ, հոն, հոն, Սասիսի ստորոտը, ուր մեր վարդակարմիր խորհրդանշանը կը փողփողայ յաղթակաևօրէն, ուր հայ աշխա– տաւորութիւևը կ՚երկևէ Հայաստանի վերածը– ևունդը։ Ձեր ուժն ու կորովը օտար հորիզոններու տակ յումպէտս մի՛ վատնէք։ Դէպի Երկի՜ր, դէպի երկի՜ր։ Ահա՛ օրուան կարգախօսը»։
Ընկեր Սարգիս Տխրունի, եղաւ ու կը մնայ մէկը Սփիւռքի մէջ վերածնած Հայաստանի գլխաւոր պաշտպաններէն։ Բնորոշելով Հնչակեան հայրենասիրութեան նկարագիրը, ան կը յայտարարէր. «Սեր նուիրումը Խորհրդային Հայաստանին՝ ակնկալութեամբ չէ, այլ՝ գաղափարական»։
Ջերմօրէն պաշտպանելով հայութեան վերածնուած հայրենիքը, ընկեր Սարգիս Տխրունի օտար ափեր նոր բոյն դրած սփիւռքահայու– թիւնը կը տոգորէր ժողովուրդներու բարեկամութեան, համատեղ պայքարի գաղափարներով։ Ան կը դաստիարակէր գաղութահայ զանգուածները ժողովրդավարական առողջ մտածո– ղութեամբ, հիւրընկալ երկիրներու ժողուվուրդևերուն եւ անոնց շահերուն հանդէպ՝ յարգանքի զգացումով։
Ս.Դ. Հնչակեան Կուսակցութեան միջազգայնական ոգիին ցայտուն բնորոշումը տալով՝ ընկեր Ս. Տխրունի կը յայտարարէր. «Սեր ընկերային հաւատամքն է՝ Սարդկութեաև Երջանկութիւնը»։
Պայքարելով հայ ժողովուրդի թշնամիներուն դէմ, ազգային այլասերումի ու հայրեևադաւու– թեաև դէմ, իր բովանդակ կորովը հայութեան ազգային վերամիաւորումի գործին տրամադրելով, ընկեր Սարգիս Տխրունի պայքարած կ՚ըլլար ժողովուրդներու բոլոր թշնամիներուն դէմ։ Ֆրանսացի գաղութարարները չէին կրնար չնկատել այս հանգամանքը։ Չէին կրնար ընկեր Տխրունիի մէջ չտեսնել գաղութային տիրապետութեան անհաշտ հակառակորդը։ Ֆրանսացի զաւթիչները Երկու առթիւ աքսորեցին աննկուն մարտիկը, բայց երբեք չկրցան մարել անոր կորովն ու մարդասիրութիւնը։ Այսպիսով է, որ ընկեր Տխրունի կը դառնայ արաբական ժողովուրդներու ազատագրական պայքարի վեթերաններէն մէկը։
Ընկեր Սարգիս Տխրունի եղաւ նաեւ անհատական խիզախութեան, տոկուն կամքի ու աևձ– ևուրացութեաևց սքանչելի օրինակ։ Ան նկատեց արիւնաներկ ձեռքերու կողմէ մութի մէջ նիւթուած դաւը եւ յայտարարեց. «Վատ է ան, որ ճշմար– տախօսը լռեցնելու համար գնդակ կ՚արձակէ»։
Վատը զինեց եղբայրասպան ձեռքը, եւ եթէ ան չհրաժարեցաւ իր վատութենէն, ճշմարտախօսն ալ չհրաժարեցաւ իր առաքելութենէն։
Չհրաժարեցաւ... որովհետեւ մահ չկայ ճշմարտութեան եւ ճշմարտախօսին համար։
Ահաւասիկ, անցած Են ութսուն տարիներ։ Տխրունին ո՛չ միայն պայծառ յիշատակ, այլեւ ապրող, բաբախող ու պայքարող հոգի է։ Տխրունին կ՚ապրի իբրեւ հայրենասիրութիւն, իբրեւ մարդասիրութիւն ու իբրեւ անբեկանելի կամք՝ իր տասնեակ հազարաւոր գաղափարակից– ևերուն մէջ, իր ժողովուրդին՝ որ այսօր յաղթա– կաևօրէև, իր նոր կեանքը կը կերտէ։
Լռեց Տխրունին... այսօր խօսելու համար հազարներու բերնով։
Անոր սերմերը ինկան պարարտ հողերու մէջ, ծաղկեցնելու համար հայրենասիրութեան Հևչակ– եաև անդաստանը, որ կը յորդի այսօր եւ, գօտեպևդուած հնչակեաև գործնական ու անշահախնդիր հայրենասիրութեան գաղափարով, անդիմադրելի մղումով մը կը դիմէ իր նպատակին։
Ութսուն տարիներ... բայց գաղափարական անշեղութեան, իրապաշտ հայրենասիրութեան ու անտեղիտալի պայքարի աւանդութիւնը կը շարուևակուի։ Նոյն ոգին, նոյն սէրը, նոյն նուիրումն է որ կը խաևդավառէ իւրաքանչիւր հնչակեանը, զայն կը մղէ գործի ու զոհողութեաև, զայն կը մղէ միշտ բարձր բռնելու ազգային շահերու դրօշը՝ Սփիւռքի չորս ծագերուն վրայ։
Պայքարը կը շարուևակուի եւ Սփիւռքէն դէպի Արարատ երկարող ուղիներուն վրայ տասնապատ– կուած շեշտով կը լսուի այսօր Տխրունիի կանչը. Հևչակեաև Կուսակցութեան կանչը.
- ԴԷՊԻ ԵՐԿԻ՜Ր, ԴԷՊԻ ԵՐԿԻ՜Ր։
Սարգիս Տխրունին կ՚ապրի այսօր աւելի՛ կեևսայորդ, աւելի՛ շէնշող քան երէկ, որպէս հայրենասիրութեան ճշմարիտ ըմբռնում, իբրեւ հայրենադարձի կանչ եւ իբրեւ հայրենական վերելք։
Եւ այն հայրենիքը, որուն զոհասեղանին վրայ հոսեցաւ Տխրունիի եւ Տխրունիներու բոսոր արիւնը, կը գիտնայ յաւերժացնել յիշատակը իր անվեհեր զաւակներուն, որոնք ինկան հերոսական խոյանքի մը մէջ, ժողովուրդի երջանկութեան եւ մայր հայրենիքի վարդաշող ապագային տեսիլքով հեշտացուցած իրենց արևածոր վէրքերուն կոտտանքը։
Յաւերժ երախտի՜ք այն մօր, Ս.Դ. Հնչակեան Կուսակցութեան, որ Տխրունիներ ծնաւ։
Փա՜ռք մայրերու Սայր՝ Հայ ժողովուրդին, որ ծնունդ տուաւ Հնչակեաև Կուսակցութեան։
ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՍԵԱՆ
Комментариев нет:
Отправить комментарий
Примечание. Отправлять комментарии могут только участники этого блога.